Ընկեր Ահարոն Շխըրտմեան - ՏՕՔԹ. ԱՐՇԱԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ` ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՄԱՐԴՈՑ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾ ՍՈՎԸ
Տօքթ. Արշակ Գազանճեանը ճանչցած եմ քանի մը հանգամանքներով։ Երկար տարիներ միասին ժողովական եղած ենք, երբ կը վարէի ՍԴ.Հնչակեան Կուսակցութեան եւ ՀԿԲՄ-ի ատենադպիրի պարտականութիւնները: Տօքթորը այդ միջոցին անդամ էր կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ ՀԿԲՄ-ի ատենապետը:
ՏՕՔԹ. ԱՐՇԱԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ` ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՄԱՐԴՈՑ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾ ՍՈՎԸ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Տօքթ. Արշակ Գազանճեանը ճանչցած եմ քանի մը հանգամանքներով։ Երկար տարիներ միասին ժողովական եղած ենք, երբ կը վարէի ՍԴ.Հնչակեան Կուսակցութեան եւ ՀԿԲՄ-ի ատենադպիրի պարտականութիւնները: Տօքթորը այդ միջոցին անդամ էր կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ ՀԿԲՄ-ի ատենապետը:
Բայց այդ պաշտօնական կեանքէն անդին, ծանօթացած եմ գրող, մտաւորական մարդուն,հարազատ ընկերին, վստահելի բարեկամին:
Տօքթորը, փոքր տարիքէն, նուիրումով զինուորագրուած է Մայր Կուսակցութեան։ Տակաւին պատանի, թիթեղածածկ Սահակեան վարժարանին մէջ, դասընկերները զինք «Պզտիկ ղեկավար» կոչած են: Պաշտօնները երբեք չկրցան կերպարանափոխել անոր խրոխտ նկարագիրը, ինչպէս դժբախտաբար կը պատահի շատերու պարագային։ Մնաց նոյն համեստ, նուիրեալ կուսակցականը:
Իրեն ժամանակակից գաղափարի ընկերներէն շատերու նման, տոքթորը ազգային համերաշխութեան կը հաւատար: Ազգային- հասարակական առօրեային մէջ դրսեւորեց լայնախոհութիւն: Անոր ներկայութիւնը որակ կը հաղորդէր միջ-կուսակցական եւ միջ-համայնքային ժողովներուն: Ընդգրկուեցաւ ազգային զանազան մարմիններու մէջ: Անոր աշխուժ, հաւասարակշիռ եւ խորիմաստ մօտեցումները նպաստեցին յստակ եւ կառուցողական որոշումներու կայացման։
Կը յիշեմ Միացեալ Նահանգներ գաղթելէ օրեր առաջ այն առաւօտը, երբ այցելեցի անոր դարմանատունը՝ կուսակցութեան արխիւները ստանձնելու։ Յուզումնախառն բաժանում մը եղաւ: Չմոռանք զիրար: Մեր բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ։ Երբ Լիբանան կ՛այցելէր, օրեր շարունակ կը վերյիշէինք անցեալէն օրերը, կը խօսէինք մեր ներկային եւ ապագային: Միեւնոյն մտահոգութիւնները կը բաժնէինք:
Այսպիսի արժանիքներու տէր ընկեր մը այսօր կը կորսնցնէ Հնչակեան Կուսակցութիւնը։ Մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը Մայր Կուսակցութեան սկզբունքներուն հաւատարիմ ընկեր մը:
Եւ այսօր, երբ տօքթ. Արշակ Գազանճեանի նման ընկերներ կը մեկնին, խոր կսկիծին կողքին, մենք կը շարունակենք ապրիլ փոխարինողներու սովին կսկիծը։
Կը գտնուինք օրերու մէջ, ուր արժէքներ ըմբոշխնած անհատները կը նուազին, իսկ խօսողներու ու ցուցամոլներու թիւը կը բազմանայ։ Մարդիկ, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը հաստատեն կշիռ, օրինակ եւ բարոյական ուժ, աստիճանաբար կը հեռանան՝ լքելով առաստաղ մը, որուն տակ ամայութիւն կը զգացուի։
Նման մարդիկ կը հեռանան… իսկ մնացողները՝ կը սորվին անհետացած արժէքներու դատարկ դաշտը:
Տօքթ. Արշակ Գազանճեանի նման անձնաւորութիւններու բացակայութիւնը մեզի կը սորվեցնէ՝ իսկական արժէքներն ու համեստ հերոսները չեն բազմանար ըստ ցանկութեան։ Անոնք հողին կ՚ը յանձնուին, բայց իրենց թողած հետքը կը մնայ իբրեւ խորհուրդ, իբրեւ պարտադրող յիշեցում՝ որքա՜ն սակաւ ենք նման որակներու մէջ, եւ որքա՜ն ճանապարհ ունինք հատելու, մինչեւ մեր հաւաքականութիւնը կրկին ծնի նման անհատներ։
Տօքթ. Արշակ Գազանճեանի ջերմ, համեստ ներկայութիւնը իբրեւ լոյս պիտի մեր սրտերուն մէջ՝ լոյս մը, որ կը բացատրէ թէ ին՜չ կորսնցուցինք, եւ նոյն պահուն՝ ին՜չ պիտի ձգտենք վերստին ստեղծել։
Թող այս տողերը հանդիսանան հանդարտ յարգանքի աղօթք՝ մեր սիրելի ընկերոջ տօթք. Արշակ Գազանճեանի անմար յիշատակին: